Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կորցնելով իր բանուորական միջազգային բնոյթը, դարձաւ զուտ վրացական եւ ազգայնական կուսակցութիւն:

Որպէս բանուորական կուսակցութիւն՝ իր պայքարը քաղքենի դասի դէմ էր։ Եւ որովհետեւ քաղքենի դասին կը պատկանէին հայերը, դասակարգային պայքարն ալ կամաց—կամաց վերածուեցաւ ազգային պայքարի։ Պայքարը կը տարուէր բոլոր ճակատներու վրայ՝ թերթերու, խմբագրատուններու, առանձին հրատարակութիւններու մէջ։

Կար ուրիշ հանգամանք մը եւս. վրաց կալուածատեր դասակարգը կը սնանկանար եւ իր կալուածները կը ծախէր կամ գրաւ կը դնէր հայ հարուստ վաճառականներու մօտ: Սովորական երեւոյթի մը աւատապետական կարգեր ունեցող երկիրներու մէջ։ Սակայն սնանկացողը վրացին էր, իսկ գնող քաղքենին՝ Հայ։ Այս երեւոյթը աւելի կը գրգռէր կիրքերը։

Ես չգիտեմ, թէ ինչ ռեժիմ պիտի հաստատուի բոլշեւիկներէն յետոյ: Գիտեմ միայն, որ այս հարցը զուրկ չկ դեռ իր այժմէականութենէն: Այսօրուան խորհրդային իշխանութիւնը խեղդած է երկու դասակարգերն ալ եւ փաստօրէն թուլացուցած վեճը, սակայն ոչնչացուցած չէ զայն իսպառ:

Շատ փաստեր կրնամ բերել այս ուղղութեամբ: Օրինակ. իշխան Բարատովներու կալուածքը գրաւի փոխարէն ինկաւ Հայ հարուստ Արամեանցի ձեռքը։ Իշխան Բարատովները դիմեցին Փոխարքային, որ ստիպէ Արամեանցը՝ վերադարձնելու իրենց կալւածքը։