Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փոխարքան ինձ առաջարկեց խօսիլ Արամեանցի հետ։ Արամեանցը համաձայն էր վերադարձնել կալւածքը՝ իր տուած փոխարժէք 600 հազար ռուբլին վերադարձնելու պայմանով: Բարատովները այդպիսի գումար անկարող էին գտնել, իսկ մուրհակները արժէք չունէին։ Տունը մնաց Արամեանցին։ Շատ սովորական երեւոյթ մը բոլոր երկիրներու համար սակայն, Կովկասի մէջ այդ երեւոյթները ուրիշ գունաւորում կառնէին։ Վրաց իշխանի պատմական կալուածքն էր, որ հայու սեփականութիւն կը դառնար:

Ուրիշ դէպք մը եւս։

Հայ մեծանուն հարուստ Աղեքսանդր Մանթաշեան գնեց Թիֆլիսի կեդրոնում լաւագոյն շէնքերէն մէկը, որ կը պատկանէր ազնուականութեան առաջնորդ իշխան Մուխրանսկուն։ Թիֆլիսի Ազնուականներու դրամատունը առաջարկեց Մանթաշեւին վերադարձնել այդ տունը՝ հարկաւ ստանալով փոխարժէքը. սակայն Մանթաշեւը մերժեց։ Նորէն սկսաւ պայքարը:

Երեւոյթը պարզ էր։ Վրաց ազնուական դասակարգը կը մեռնէր: Որպէս ազնուականներ, ռուս բանակին մէջ կը վարէին բարձր պաշտօններ. նոյնը եւ վարարչական կազմին մէջ: Անոնք կապրէին ճոխ կեանք մը, չէին նեղեր իրենք զիրենք, կը սնանկանային եւ ձեռքէ կը թողէին հօրենական կարողութիւնները։ Հայ բուրժուան, որ գիւղացի դասէն էր ելած, գիտէր խնայել, կշռել իր ծախքերը եւ յաղթող դուրս կու գար տնտեսական մարդին մէջ: