Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինձ կը մնար՝ որպէս քաղաքագլուախի՝ պարզել ռուս իշխանութեան եւ աշխատաւոր զանգուածներուն, որ եղածը սովորական երեւոյթ մըն է, որ աւատապետական դասակարգը բնականօրէն իր տեղը պիտի զիջի քաղքենի դասին եւ որ հայ գիւղացիութիւնն ու մտաւորականութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունին այդ երեւոյթին հետ։ Կարեւոր էր այս հանգամանքը որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, ստեղծուեցաւ վրաց—թաթարական միութիւն՝ ընդդէմ հայերու:

Ցարական ծանր ռէժիմը Հաւասարապէս կը ճնշէր բոլոր քաղաքացիները, սակայն ան աւելի ծանր էր Հայերու համար: Իշխան Գոլիցինը կը կարծէր, որ պէտք է հայերը աւելի ճնշել, որովհետեւ անոնք աւելի կազմակերպուած եւ աւելի ուժեղ կերեւային իր աչքին։ Յատուկ օրէնքներ հրատարակուեցան Հայերու համար։ Փակուեցան հայկական դպրոցները, հայ բարեգործական հիմնարկութիւնները։ Գրաւուեցան հայ եկեղեցական կալուածները։ Ամէնուրեք բողոքի ձայներ լսուեցան։

Եւ ահա սկսան ահաբեկչական աքտերը իշխանութեան դէմ։ Թիֆլիսի քաղաքային վարչութիւնը 1902ին ամբողջ կազմով դատի յանձնուեցաւ որպէս գեղծարար եւ անգամ ռուսական դատարանը անպարտ արձակեց արարչութեան ամրոցի կազմը։ Իշխան Գոլիցին դաշոյնով վիրաւորուեցաւ հայ յեղափոխականներու կողմէ եւ մեկնեցաւ Ռուսաստան:

Սակայն, անոր ցանած սերմերը տուին որոշ արդիւնքներ: Կովկասի մէջ սկսան հայ–թրքական կո—