Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գլուխ Բ.

ՀԱՅ–ԹՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄՆԵՐԸ

1905 թուի յեղափոխութիւնը ճնշելու վճիռը ստիպեց ռուս կառաւարութիւնը կտրուկ միջոցներու դիմել իշխանութեան հակառակորդ տարրերու դէմ։ Վճռուեցաւ թուլացնել ե՛ւ հայկական կազմակերպութիւնները։ Փեթերապուրգէն ժանդարմերիայի վարչութենէն այդ մասին յատուկ հրահանգ էր ըստացուած:

Առաջին քայլն առաւ Բագան։ Կսեն, որ նահանգապետ իշխան Նակաշինձէն (որ յետոյ սպաննւեցաւ հայ յեղափոխական Դ.ի[1] ռումբով) իր քով կը կանչէ Բազուի ազդեցիկ թուրքերը եւ կը խնդրէ անոնցմէ օգնել իշխանութեան եւ թագաւորին՝ պայքարելու երկրին թշնամի Հայերու դէմ։ Թուրքերը հասկցած էին ակնարկը եւ յարձակած հայերու վրայ՝ սրի ու կրակի մատնելով Հայերու կեանքը եւ տացաածքը։

Ինչպես ընթերցողը տեսաւ նախորդ գլուխին մէջ այդպիսի ընդհարման համար գոյաթիւն ունէր արդէն պատրաստի գետին։ Մեր խնդրէն դուրս կը մնայ այսօր կանգ առնել այդ ընդհարումներու մանրամասնութիւններուն վրայ: Կռիւներու փաստա–

  1. Դրաստամատ Կանայեան — Դրօ: Տեսնել ծանոթագրութիւններու բաժինը: