Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան նկարագրութիւնը գրուած է շատոնց։ Կանգ պիտի առնեմ միայն շարք մը ներքին դրդապատճառներու վրայ եւ պիտի պատմեմ այն, ինչ որ տեսած ու լսած եմ պաշտօնիս բերումով:

Բագուի հրդեհը շուտով տարածուեցաւ Անդրկովկասի միւս մասերուն մէջ, ինչպես՝ Շուշի, Գանձակ, Երեւան եւ մինչեւ անգամ Թիֆլիս։ Բայց այս անգամ տեղական պայմանները եկան աւելի բարդացնելու կնճիռը եւ հրդեհներու բոցի մէջ փորձեր լուծելու ցաւոտ հին խնդիրնե՝ ազգագրական խառն բաժանումը Կովկասի մէջ, տնտեսական մրցակցութեան խնդիրները, ջուրի իրւունքը, «եայլաղի» իրաւունքը եւ այլն։

Պէտք է ըսել, որ թուրքերը կապրէին դաշտերու վրայ, իսկ Հայերը բռնած էին լեռնային մասսերը։ Հայերը կը վախնային իջնել դաշտերը, իսկ թուրքերը Հայերու ահէն կը վախնային բարձրանալ սարերը «եայլաղի», որով մեծապէս կը տուժէին տաքէն եւ իրենց անասունները կոչնչանային:

Ընդհանուր առմամբ յարձակուող կողմը թուրքերն էին։ Բայց երբեմն ալ հայերը, ի նկատի առնելով վտանգը, նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքը կառնէին։

Հայ–թրքական ընդհարումներու մասին կարելի է մեծ Հատորներ գրել։ Երկու տարի տեւող պարտիզանական (Հրոսակային) պատերազմ մըն էր, որ կը տարուէր երկու կողմերէն։ Վրացիները չէզոք դիրք բռնած էին, իսկ ցարական իշխանութիւնը թուրքերու կողմն էր անցած։ Թուրքերը կրցած էին կաշառել շարք մը պաշտօնեաներ: Մանր ոստիկանութեան մէջ