Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/72

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կաշխատէին մեծ թիւով թուրքեր։ Ռուս կառավարութեան աչքին, թուրքերը յեղափոխական տարր մը չէին, զոր պէտք է ոչնչացնել: Ընդհակառակը, անոնք կը համարաէին օժանդակիչ ուժ մը կառավարութեան կողքին յեղափոխութիւնը զսպելու համար:

Երկու տարբեր ուժեր զբաղած էին հայ ժողովուրդի պաշտպանութեամբ: Մէկը գիւղացիութիւնն էր, ղեկավարութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մարտիկներու, որոնք կռուի դաշտին մէջ դէմ դիմաց կանգնած էին թշնամի բանակին, իսկ միւսը՝ հոգեւորականութիւնը եւ քաղաքային գործիչները, որոնք իշխանութեան միջամտութիւնը կապահովէին հայերու պաշտպանութեան համար։

Բազմիցս անգամներ եղած եմ փոխարքայ Վորոնցով—Դաշկով մօտ եւ ամէն անգամ ալ, ինձ ընդունած է, մանրամասն լսած է իմ զեկուցումներն ու առաջարկները եւ համապատասխան կարգադրութիւններ դրուծ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար՝ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ։ Սակայն, զօրքի հրամանատարները, նահանգապետներն ու ոստիկանապետները պարզ կերպով թուրքերու կողմ կանցնէին։ Կըլլային դէպքեր, երբ իշխանաւորները կը յայտարարէին, թէ իրենց ենթակաները չեն հպատակիր այլեւս իրենց։

Երկու դէպք պիտի պատմեմ, երբ որոշ միջամտութեամբ անգամ մը կոտորածէ խուսափեցավ հայ ժողովուրդը, իսկ միւս անգամ եղած կոտորածը զգալիօրէն թուլացաւ: Առաջին դէպքը կը վերաբերի Թիֆլիսին, իսկ երկրորդը՝ Գանձակին։ Առաջին դէպքի մասին ես կը պատմեմ համաձայն այն գրու —