Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/73

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւններու, զորս գրած եմ դէպքին ատեն, թարմ յիշողութեամբ:

«Հրդեհի առաջին կայծը փայլատակեց Բագուի մէջ, ուրկէ արագօրէն հրդեհը տարածուեցաւ Գանձակ, Շուշի, Երեւան եւ Նախիջեւան։ Կայրուէին ամբողջ քաղաքամասեր: Հարիւրներով կը մեռնէին մարդիկ...։ Հրդեհուած էին ամբողջ նահանգներ. արիւնոտ կոշմարի մէջ կը զարնւէին մարդիկ։ Հազար ու մէկ պատճառներէ դրդուած, երէկուան խաղաղ դրացիները իրար դէմ պայքարի են եղած։ Թիֆլիսն է միայն, որ ընդհանուր հրդեհի մէջ մնացեր է խաղաղ։ Սակայն, այս կացութիւնը երկար չտեւեց։ Լուրեր տարածւեցան, որ Բորչալուի շրջակայ թուրքերը պիտի յարձակին քաղաքի վրայ՝ օգնելու համար քաղաքի շէջ բնակուող փոքրաթիւ թուրքերուն։ Կսէին, որ թալանի տենչը կը մղէ գիրենք քաղաք: Թիֆլիսը կը վախնար, իսկ իշխանութիւնը կը տատանէր։

«Ընդհանուր իրարանցումին մէջ, տեղի ունեցաւ յեղափոխական կուսակցաթեանց մարմիններու խառն ժողով, որուն կը մասնակցէին վրացական Սոցիալ–Դեմոկրատ կուսակցութիւնը (այն ժամանակ ռուսական կուսակցութեան հատուած մը միայն), Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, Էս-Էրնելու կուսակցութիւնը եւ վրաց ֆեդերալիստները: ժոդովը այն համոզման եկաւ, որ աղէտը ամէն ժամ կրնայ պատահիլ եւ ատոր առաջքը առնելու միակ միջոցն է զինել վրացի բանուորները: Ժողովին հրաւիրուեցաւ ոստիկանապետ Մարտինովը, որուն յանձնարարուեցաւ տեասկցիլ Փոխարքա–