Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յին հետ, զեկուցել անոր, որ վրացի բանուորները պատրաստ են իրենց վրայ առնել կարգի պաշտպանութիւնը՝ պայմանաւ որ պետական պահեստներէն իրենց յանձնուին 600 հրացաններ։

«Մարտինովը մեկնեց։ Միեւնոյն ժամանակ տեղի կունենար Քաղաքային Խորհրդի նիստը։ Անդամները մտահոգուած էին նոյն խնդրով։ Քաղաքի ծայրամասերէն կը հագնէին մտահոգիչ լուրեր։ Հայկական Հաւլաբար եւ քրդական Մայդան թաղերու մէջ կը պտտին զինուած մարդիկ։ Բաւական է, որ մէկ հատ հրացան պարպուի։

«Խորհուրդը որոշեց յանձնախումբ մը ուղարրկել Փոխարքայի մօտ եւ խնդրել անոր պաշտպանութիւնը քաղաքին սպառնացող վտանգին հանդէպ։ Փոխարքան մեզ ընդունեց, խոստացաւ իր աջակցութիւնը եւ խնդրեց, որ ես մնամ իր մօտ։ Փոխարքան պալատ կանչեց զօրքերու հրամանատարր եւ նահանգապետը: Վերջինս հաստատեց, որ կացութիւնը ծանր է, իսկ զօրքերու հրամանատարը յայտարարեց, որ ոչ մէկ վստահութիւն ունի իր 8 հազար հոգիէ բաղկացած բանակին վրայ։ Փոխարքան հրամայեց ամէն պարագայի պատրաստ պահել զօրքերը։

«Երեկոյեան ուշ, պալատ եկաւ ոստիկանապետ Մարտիճովը եւ զեկուցեց Փոխարքային յեղափոխական կուսակցութիւններու որոշամը։

Առաւօտեան համար պալատ կանչուեցան զինւօրական պահեստի պետը եւ Իսիդոր Ռամիշվիլին, հին սոցիալ-դեմոկրատ: Ծանր գիշեր անցու-