Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/75

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցին քաղաքացիք։ Առաւօտեան բոլոր հրաւիրեալները պալատ կը գտնուէին։

«Ամէնէն առաջ ընդունուեցանք ես եւ Ռամիշւիլին: Փոխարքայի խելացի դէմքը խաղաղ էր: Բարեւէն յետոյ ան դիմեց մեզ այսպէս. «ինձ յայտնեցին՝ որ սոցիալ—դեմոկրատ բանուորութիւնը յանձն կառնէ իր վրայ վերցնել քաղաքի պաշտպանութիւնը։ Երկուքիդ վրայ ալ ես կատարեալ վստահութիւն ունիմ: Թող պրն. Խատիսեանը ինձ ապահովեցնէ, թէ այդ միջոցը կրնայ օգտակար ըլլալ, իսկ պրն. Ռամիշվիլին թող ինձ վստահեցնէ, որ կառավարութեան կողմէ բաժնուած զէնքերը պիտի չօգտագործուէն կառավարութեան դէմ»։ Ես վստահեցուցի Փոխարքային, որ այդ միջոցը լաւագոյնն է՝ չարիքին առաջքը առնելու համար, իսկ պրն. Ռամիշվիլին ըսաւ, որ հրացանները իրենց նպատակին պիտի ծառայեն միմիայն, որ անոնք գործածուելու չեն կառավարութեան դէմ, չնայած որ պայքարը ընդդէմ իշխանութեան միշտ պիտի շարունակուի։

«Մենք երկուքս ալ ստորագրեցինք մեր յայտարարութիւններուն տակ։ Փոխարքան ներս կանչեց զինուորական պահեստի պետը եւ կարգադրեց 600 հրացան յանձնել Թիֆլիսի բանուորներուն, ի զարմանս զինուորական եւ քաղաքացիական իշխանաւորներուն:

«Մէկ քանի ժամ ետք, զինուած բանուորներու պահակները տողանցք կընէին քաղաքի միջով՝ դէպի գլխաւոր ռազմագիտական կէտերը։ Քաղաքի վտանգաւոր մասերը գրաւուեցան վրացի