Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/76

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բանուորներով։ Տեղ-տեղ երեւացին եւ փոքրիկ զօրամասեր։ Քաղաքը կը հանդարտէր։ Քանի մը հրացանի պայթիւններ լսուեցան միայն, երեւի մութ ջրի մէջ ձուկ որսացողներ էին. որ կը կրակէին։ Պատահական գնդակէ մը սպաննուեցաւ վրացի բանուոր Ստուրսան եւ այս մէկ անմեղ զոհով վերչացան Թիֆլիսի սարսափի օրերը։ 600 հրացանէն պետական պահեստը մտան միայն հարիւր հրացան։

«ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը, զանազան պատուիրակութիւններ, դրօշակներով դէպի գերեզմանատուն կառաջնորդէին Ստուրսայի մարմինը։ Թարմ ծաղիկներով ծածկուած փոքրիկ հողակոյտի մը առջեւ, բոլոր լեզուներով ճառեր արտասանուեցան ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ ազատութեան մասին։ Ես խօսեցի Թիֆլիս քաղաքի անունէն»:

Զէնքերու բաժանումը բանուորներու պատմութեան մէջ մտաւ: Ամբողջ Ռուսասաանը կը զբաղէր այդ խնդրով:

Երկրորդ դէպքը կը վերաբերի Գանձակին, ուր ես ստիպուած եղայ մեկնել։

Գանձակը նահանգային քաղաք մըն էր 60 հազար բնակչութեամբ, որուն կէսը հայեր էին, իսկ մնացեալ կէսը՝ թուրքեր։ Վերջինները կը բնակէին դաշտավայրի շրջանը, երկաթուղագծի եւ կայարանի քով՝ հանգամանք մը, որ աւելի ուժ կու տար անոնց։ Հայերը կը բնակէին լեռնային–մասերուն մէջ։

Գանձակի հայութիւնը դիմած էր ինձ՝ խնդրել Փոխարքայի աջակցութիւնը: Փոխարքան կարգադ-