Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/77

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րեց, որ Նիժեզորողսկի հռչակաւոր հեծելազոր գունդըր անմիջապէս մեկնի Գանձակ։ Իսկ նոյն գիշեր, խմբապետ համազասպի (1921ին սպաննուած բոլշեւիկներու կողմէ) եւ քաղաքարային վարչութեան անդամ՝ Կոզդիանի ընկերակցութեամբ մեկնեցինք Գանձակ:

Ինձ հետ կը տանէի մեծ քանակութեամբ դրամ՝ յանձնելու համար ինքնապաշտպանութեան կոմիտէին (Կորիւն վարդապետին եւ ուրիշներուն): Առաւօտեան հասանք Գանձակ: Կայարանի մէջ կը լսուէին հրացանի զարկեր։ Քանի մը տուներ կայրէին։ Ծախը բռնած էր երկինքը: Նոյն պատկերը, 1905-6 տարիներուն, դժբախտաբար ամէն տեղ էր, ուր կը բնակէին հայերն ու թուրքերը։

Մենք որոշեցինք իջեւանիլ թրքական մատի մէկ հիւրանոցին մէջ՝ ապացուցանել համար, որ ես եկած եմ ոչ իբրեւ Հայ, այլ որպէս պատգամաւոր Թիֆլիսէն, խաղաղասիրական միտումներով։ Համազասպը կը ճամբորդէր գաղտոնի։ Փաթաթուած իր «եափունչիին» մէջ եւ դուրս չէր ելլեր գնացքէն։ Կառք առնելով հասանք հիւրանոց։ Թուրքերը չար կը նայէին մեր վրայ:

Մեր առաջին քայլ եղաւ իմացնել Գանձակի քաղաքագլուխին մեր գալու մասին։ Շուտով հիւրանոց եկան Գանձակի ռուս քաղաքագլուխ Կոզնովեցկին եւ նահանգապետարանի մէկ պաշտօնեան: Որոշուեցաւ Հայերէ եւ թուրքերէ բաղկացած ժողով մը հրաւիրել՝ հաշտութիւն կնքելու համար։

Գիշերը վատ անցուցինք: Երբեմն երբեմն կը լսուէին հրացանի համազարկեր։ Լուսամուտէն կը