Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/78

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեսնէինք, թէ ինչպէս տուները կայրէին: Ոստիկանութիւն չկար. նահանգապետը քաշաքին մէջ չէր։

Միւս օրը, դուրս ելանք քաղաք: Մեզ կը խնդրէիին քայլել պատերու տակէն, որպէսզի զերծ մնայինք պատահական գնդակներէ։ Քաղաքի գլխաւոր հրապարակի վրայ տեսանք հեծեալ զորամաս մը, հայ սպայ գնդապետ Մելիք—Ալլահվերտեանի գլխաւորութեամբ: Սպան գանգատուեցաւ, որ իրեն արգիլած են որեւէ միջամտութիւն՝ իրեն վերապահելով միայն դիտողի դերը։ Զօրքերը կը տեսնէին, թէ ինչպէս մարդիկ նաւթ կը լցնէին տաուներու վրայ այրելու համար զանոնք, բայց անկարող էին միջամտել:

Զինուորական իշխանութիւնը կը պատճառաբանէր, որ եթէ զօրքերը կրակ բանալու ըլլան ժողովուրդի վրայ, կիրքերը աւելի պիտի բորբոքուին եւ արիւնահեղութիւնը պիտի սաստկանայ:

Շարունակելով ճամբաս՝ պատահեցի դատախազի օգնական Կողբեւիչին, որ կը ճանաչէի թիֆլիսէն եւ որ իր ափերու մէջ բռնած ունէր մեծ քանակութեամբ ժամացոյցներ։ Չամչնալով՝ կողբեւիչը ըսաւ, որ այդ ժամացոցները գնած է շատ չնչին գնով՝ թուրքի մը ձեռքէ: Պարզ էր, որ Հայու մը խանութ էր կողոպտուած եւ դատական իշխանութեան ներկայացուցիչը, փոխանակ հետապնդելու ոճրագործը, իր շահին մասին է որ կը մտածէր:

Ժամը 12ին, եկան Հայ պատգամաւորները, Կորիւն վարդապետը, քաղաքային վարչութեան անդամները: Եկան եւ թուրքերը, քաղաքագլուխը, նահանգապետարանի պաշտօնեաները, զօր. Տակայաշվիլին (վրացի):