Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/79

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ճառով մը ես դիմեցի երկու կողմերուն, որ դադրեցնեն աւելորդ արիւնահեղութիւնը: Ինչպէս միշտ, երկու կողքերն ալ կը ճառէին դարաւոր բարեկամութեան մասին, որ իրար կը կապէ երկու ժողովուրդները, որ «Շէյթանի» գործ է երկու ժողովուրդները իրար վրայ նետելը: Հենց այստեղ որոշոշեցաւ զինադադար կնքել կամուրջը նկատելով որպէս չէզոք գօտի։ Ինձ խնդրեցին պտտիլ քաղաքը եւ ամէնուրեք յայաարարել խաղաղութեան մասին։

Քիչ մը մանրամասն կանգ առի այս ժողովի վրայ, որովհետեւ անկէ ետք շատ վայրերու մէջ, ուր կիշխէին հրդեհն ու ծուխը, գումարուեցան նոյնանման ժողովներ, որոնք զսպեցին մարդկանց զանազանցած կիրքերը:

Երբ քաղաքը շրջելէն վերադարձանք, մեծ միթինկ մը գումարուեցաւ: Եղան ճառեր: Գիանձակէն մեկնեցանք՝ թողնելով այնտեղ Համազասպը։

Այնուհետեւ ինձ վիճակուեցաւ քանի մը ուրիշ վայրեր ալ հանդիպիլ եւ նոյնպէս խաղաղութիւն կնքել տալ երկու կողմերուն։

Հայ—թրքական ընդհարումներու Հրդեհի բոցը վայրկեան մը լուսաւորեց Կովկասահայ կեանքի ցաւոտ բոլոր կողմերը եւ հանրութեան առաջ դրաւ շարք մը խնդիրներ: 1906էն սկսած մինչեւ 1917, այդ խնդիրներէն շատերը քննութեան առարկայ դարձան: Քանի մը հարցեր ենթարկուեցան ինքնավարութեան խորհրդակցութիւններու, քանի մը հարցեր կովկասեան ժողովուրդները մղեցին դէպիւ նոր կռիւներ, իսկ քանի մը հարցեր ալ մնացին անլուծելի, որոնք ապագային նորէն ասպարէզ պիտի գան։