Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայ—թաթարական ընդհարումները ուրիշ հետեւանք ունեցան: Նախ քան ընդհարումները՝ Հայերը անդէն էին, իսկ թուրքերը միշտ լաւ զինուած։ Պէտք էր զէնք ձեռք բերել Ռուսաստանէն, արտասահմանէն, պետական պահեստանոցներէն: Զէնքերը կը փոխադրուէին երկաթուղիով, խճուղիներով, սարերու վրայով, գաղտնի բոլոր միջոցներով։ Զէնքերը կը հայթայթուէին յեղափոխական կազմակերպութիւններու միջոցով բայց յաճախ փոխադրութեան ընթացքին կը բռնուէին կառավարութեան կողմէ։ Իշխանուխեան ձեռքը կանցնէին ցանկեր եւ հաշիւներ եւ ռուս կառաւարութիւնը այս անգամ կընդգրկէր պայքարի ուրիշ ուղի։

Առաջին անգամ Հայերու դէմ ան պայքարեցաւ իշխան Գոլիցինի ատեն, յատուկ օրէնքներով կալւածներու գրաւումով: Պայքարի երկրորդ ուղին Հայ—թրքական ընդհարումներն էին, իսկ երրորդ ուղին դատական հետապնդումներն եղան, այսպէս ասած Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատը։