Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/81

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գլուխ Գ.

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈԻԹԵԱՆ

ԴԱՏԱՎԱՐՈԻԹԻԻՆԸ

Հայ—ռուսական փոխ յարաբերութիւններու մասին կարելի է տարբեր տեսակէտեր ունենալ, սակայն կան պատմական փաստեր, որոնք պէտք չէ անտես առնուին:

Օրինակ, երբ Հայերը կը տառապէին սուլթանական ռեժիմին, բնականաբար իրենց յոյսերը կապեր էին ռուս ժողովրդի հետ, կարծելով, թէ ռուս կառավարութիւնը կրնայ ուժ գործ դնել տաճիկներու վրայ իրենց դրութիւնը բարելաւելու համար։ Տաճկահայութիւնը ուրախութեամբ կը դիմաւորէր ռուսական բանակները Տաճկահայաստանի մէջ, իսկ Ռուսաստան փոխադրուելով՝ տաճկահայը կը գտնէր տնտեսապէս եւ մասամբ ալ կուլտուրապէս զարգանալու համեմատաբար ազատ միջոգներ։

Կովկասի մէջ Հայերը, սկսած անցեալ դարու իննսունական թուականներէն, մասնաւորապէս Կուկունեանի արշաւանքէն դէպի Տաճկահայաստան, առաջ կը բերէին յեղափոխական կազմակերպութիւններ ընդդէմ Տաճկաստանի: Ռուս կառավարութիւնը Տաճկաստանի հետ վարած պատերազմներու ընթացքէն (1877, 1914—17), կը գրգռէր հայերու թշնամութիւնը դէպի թուրքերը, իսկ խաղաղութեան օրերուն կը հալածէր հայերու թրքատեաց քաղաքականութիւնը: