Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/82

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ու կը ստացուէր բարդ կացութիւնմը՝ բարեկամի եւ թշնամու: Մէկ օր բարեկամ, միւս օրը՝ թշնամի։ Ու եթէ ի նկատի առնենք եւ այն պարագան, որ Հայ յեղափոխական կազմակերպութիւններու գործողութիւնը կը տարածուէր նաեւ ռուսական սահմաններուն մէջ, պարզ կը լինի, թէ ի՞նչ առիթներէ օգտուելով՝ ռուսական կառավարութիւնը կը դիմէր պայքարի երրորդ միջոցին, այն է՝ ընդհանուր դատական հալածանքի Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ:

1905թուի յեղափոխութեան պարտումէն ետք, ռուս կառավարական ռէակսիոն ումը աւելի սաստկացաւ. ահա այդ թուականներէն է, որ կը սկսի Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատավարութեան գործը: Իշխանութիւնը մէկ նպատակ էր հետապնդէր. ժողովուրդէն խլել այն, ինչ որ ձեռք էր բերած 1905ի յեղափոխութեան շնորհիւ:

Իմ վիճակը բաւական ծանր էր։ Ես, որպէո քաղաքագլուխ, պէտք է մէկ կողմէն չկորցնէի իշխանութեան դէպի ինչ ունեցած վստահութիւնը, իսկ միւս կողմէն պէտք է ինձ վստահէր եւ ժողովուրդը։ Ու ինձ կը թուի, թէ այդ ծանր պայմաններու մէջ, ես կրցայ կատարել իմ պարտքս ժողուրդին առջեւ: Փաստը այն է, որ Կովկասի կեանքի ամենածանր պայմաններու մէջ, յեղափոխական կուսակցութիւնները ազատ գործերու հնարաւորութիւն ստացան, երբ տեղի ունեցան պատերազմն ո յեղափոխութիւնը, ես միշտ վայելեցի թէ՛ ժողովուրդի եւ թէ իշխանութեան կատարեալ վստահութիւնը։

Թող ներուի ինձ այս փոքրիկ մանրամասնութիւնը, որպէսզի կարողանամ ազատօրէն պատմել