Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/83

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործի ամբողջ ընթացքը 1905–6ի յեղափոխութեան յաջորդող ռէակսիոնի օրերուն։ Կառավարութիւնը կաշխատէր բոլոր ուղղութիւններով։ Զօրաւարները, բանակներու գլուխը կայրէին գիւղերը եւ կը գնդակահարէին կասկածելիները կամ կաքսորէին Սիբիրի խորքերը։

Յաճախ կըսէի Փոխյարքային, որ այս միջոցները երբեք չեն կրնար բարելաւել Կովկասի կեանքը։ Ան կը համաձայնէր ինձ հետ, սակայն ընդհանուր ռուսական քաղաքականութիւնը սրի եւ հրի քաղաքականութիւն էր միայն։ Թիֆլիսի նահանգապետը կսէր, որ իրենք ունին բավական քանակությամբ սուիններ՝ ճնշելու համար յեղափոխական որեւէ շարժում:

Ահա այս հրի եւ սրի քաղաքականութիւնն էր, որ առաջ բերաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատավարութիւնը:

Դատավարութիւնը պէտք էր կառավարութեան: Եւ ստեղծելու համար զայն՝ ստիպուած եղաւ դիմել իրեն յատուկ զեղծարարութեան, որպէսզի կարենար երեւան բերել մեղաւոր տարրերը։

Գլխաւոր քննիչ նշանակուեցաւ յայտնի Լիժինը, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր Կովկասի զանազան մասերու մէք օգնական քննիչներ։ Եւ սկսաւ խուզարկութիւններու, ձերբակալումներու եւ սպիտակ տեռորի մեծ շրջան մը։ Աչքի ինկող Հայ գործիչներէն եւ մտաւորականներէն ոչ ոք ազատ էր խուզարկութեան ենթարկուելու եւ ձերբակալուելու վտանգէն։ Շատերը կը դիմէին ինձ իմ պաշտպանութիւնը խնդրելով։