Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/84

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ես ինքս տեղեկութիւններ ունէի, որ քննիչը, պատրուակ մը կը փնտռէր ինձ եւս հետապնդէլու։ «Մշակ»ի հանգուցեալ խմբագիր՝ Համբարձում Առաքելեանը ինձ ըսաւ, որ քննիչը հետաքրքրուած է իմ մասին եւ հարցրած իրեն, թէ ի՞նչ կապեր ունիմ ես Հայ կուսակցութեան (Դաշնակցութեան) հետ։

Ես վճռեցի այցելութիւն մը տալ Փոխարքային վերջ դնելու համար այն ծանր կացութեան, որ կը տիրէր Հայ Հասարակութէան մէջ։ Ճիշդ այդ ժամանակ էր, որ ձերբակալութեան Թիֆլիսի աչքի ինկող Հայ Հարուստները, ի թիւս որոնց, բոլորի համակրանքը վայելող պրն. Մելիք-Ազարեանը։ Ըսի Փոխարքային, թէ Հայ յեղափոխականներու գործունէութիւնը սահմանափակուած է ինքնապաշտպանութեամբ՝ Հայ—թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, թէ՝ գտնուած զէնքէրը այդ նպատակին են միայն յատկացուած, թէ՝ այն բոլոր մարդիկ, որոնք օժանդակած են կուսակցութեան, մէկ նպատակ են ունեցած, այն է՝ օգնել հայ ինքնապաշտպանութեան գործին։ Փոխարքան կը լսէր ինձ եւ կնդունէր իմ առարկութիւններու իրաւացի ըլլալը։ Սակայն, կեդրոնական կառավարութիւնը, Ստոլիպինի գլխաւորութեամբ եւ արդարադատութեան նախարար՝ Շշեգլովիտովի աջակցութեամբ, պարզօրէն հետեւում էր մէկ այլ քաղաքականութեան: Կը ստացուէր խառնաշփոթ վիճակ մը հենց իրեն՝ իշխանութեան ներսը։ Մէկ կողմէն՝ թագաւորի նշանակած կառավարութիւնը, միւս կողմէն՝ նոյն թագաւորի նշանակած փոխարքան, որ կուզէր քիչ մը ուրիշ, աւելի մեղմ քաղաքականութիւն վարել, բնական է, որ