Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ստոլիպին եւ Շշեզլովիտով չէին սիրեր փոխարքան Վորոնցով–Դաշկովը:

Փոխարքայի իշխանութիւնը սահմանափակ չէր։ Օրէնսդրութեան 11րդ յօդուածը կըսէր, որ եթէ Փոխարքան որեւէ պատճառով կառավարութեան որոշումները անհամապատասխան կը գտնէ Կովկասի իրականութեան, կրնայ մերժել ընդունիլ այդ որոշումները պայմանով, որ այդ մասէն յայտնէ թագաւորին՝ ընդգծելով անշուշտ մերժումին գլխավոր շարժառիթները: Ու պէտք է ըսել, թէ համայն Ռուսաստանէ փոխարքան առաջինն էր, որ կը վայելէր թագաւորի բացարձակ վստահութիւնը: Սակայն, փոխարքայի իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կը մնային դատական իշխանութիւնները, որոնք իբր թէ անկախ էին իրենց գործունէութեան մէջ: Փոխարքան կրնար միայն խնդրել կամ դիմում ընել, բայց երբեք խառնուիլ քննիչի գործերուն կամ փոխել դատական որեւէ որոշում:

Ինչպէս վերջերս երեւաց կոմս Վորոնցով—Դաշկովի թագաւորին ուղղած նամակներէն, փոխարքան իրօք որ մտածեր էր այդ ուղղութեամբ եւ թագաւորի ուշադրութեանն էր յանձներ դատավարութեան գործը։ Հետաքրքիր է իր կարծիքը այդ մասին։ Նամակներու մէջ ալ նոյն առարկութիւնները ինչ որ ըսած էր ինձ անձամբ, թէ՝ ինք դէմ է այդ դատավարութեան, թէ՝ Դաշնակցութիւնը ռուսական շահերուն դէմ չէ, թէ՝ պայքարելով Տաճկաստանի դէմ՝ ան օգուտ կը բերէ ռուս կառավարութեան եւ թէ ռուս պաշտօնեաներու դէմ կատարած ահաբեկումները մասնակի բնոյթ կը կրէին։