Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/86

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, կըսէր փոխարքան, ան կը սիրէ երեք բան՝ դպրոց, եկեղեցի եւ դրամ։ Այսպիսի մէկ ժողովուրդ չի կարող յեղափոխական լինել, մանաւանդ որ երկրի աշխարհագրական դիրքը նպաստաւոր չէ տեսակէտէն: Ինձ կը մեղադրեն, որ ես Հայասէր եմ, – կը շարունակէ Փոխարքան, – որ ես կը սիրեմ հայ ժողովուրդը որպէս այդպիսին։ Բայց ես Հայերը կը գնահատեմ որպէս ռուս ազգասէրներ. կը նայիմ Հայերու վրայ որպէս ռուս ազդեցութիւնը տարածող լաւագոյն տարրի մը, եւ ասոր մէջ պէտք է փնտռել Հայերու ռուսասիրութեան աղբիւր։

Ռուս նշանաւոր քաղաքապէտ եւ պատմաբան Միլիւկով՝ գրեթե նոյնը ըսաւ ինձ, մէկ հանդիպման ընթացքէն։

«Հայի ռուսասիրութիւնը սիրտէն չէ. որ կը ծագի, այլ գլուխէն»։

Ինչեւիցէ, Փոխարքայի նամակները չազդեցին դատաւարութեան ընթացքի վրայ։

Պաշտպանութեան ծանր գործը իր վրայ էր առած իմ եղբայր Գէորգ Խատիսեանը, Հայաստանի պարլամենտի ապագայ անդամը։ Բանտարկեալները կը պահուէին Թիֆլիս, Բագու, Ռոստով եւ Նախիջեւան։ Ձերբակալուածներու թիւը հազարէն աւելի էր: Անոնց մէջ կային մտաւորականներ, վաճառականներ, գիւղացիներ եւ բանուորներ։

Որպէս քաղաքագլուխ ես կը նախագահէի բանտային կոմիտէին, որ պաշտոն ունէր հետեւելու բանտարկեալներու սնունդէն։ Եւ որպէս բանտային կոմիտէի նախագահ, ես ազատ մուտք ունէի բանտերու