Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէջ։ Այդ ժամանակ Թիֆլիս ժամանեց նորընտիր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Ան ցանկացաւ տեսնել բանտարկեալները եւ օրհնել զանոնք։ Կաթողիկոսին առաջնորդեցի ես։

Այստեղ պէտք է յիշատակեմ երկու դէպք՝ մէկը այն, որ առանց բանտապետի ուշադրութիւնը գրաւելու՝ ես Խաժակին յայտնեցի այնպիսի բան մը, որ կրնար հետաքրքրել բանտարկեալները. միւսը այն, որ ես թարգմանեցի Կաթողիկոսին ճառերը իշխանութեան համար, բայց այնպիսի ձեւով, որ իշխանութեան դէմ ուղղուած մասը բացակայեց ճառէն։

Կամաց—կամաց բանտարկեալները կազատէին եւ միայն 160 հոգի յանձնուեցան դատի։

Ծանր է պատկերացնել բարոյական եւ նիւթական վիճակը Հայ ընտանիքներու, որոնց անդամները տարիներու ընթացքին բանտի մէջ էին։ Հայ հասարակութիւնը ճնշումի էր ենթարկուած, իսկ հայ բուրժուազիան կաշխատէր ամէն կերպ իր բարոյական կապերը խզել յեղափոխականներու հետ։

Նշանակալից է հետեւեալ փաստը:

Կը մօտենային ընտրութիւնները քաղաքագլուխի։ Հայ բուրժուաները կըսէին ինձ, որ լաւ է յետաձգել ընտրութիւնները, մինչեւ որ ես գնամ Փեթերպուրգ եւ վերադառնամ, որովհետեւ ես կանչուած էի որպէս վկայ Դաշնակցութեան գործով։ Այսպիսի միջոցով, անոնք կուզէին ազդել ինձ վրայ, որպէսզի Փեթերպուրգի մէջ ես առանձնապէս չպաշտպանեմ Հայ յեղափոխականները:

Ես չհամաձայնուեցի: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան եւ ես ընտրուեցի քաղաքագլուխ՝ 60 սպի–