Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/88

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տակ եւ 2 սեւ քուէներով։ Ընտրութենէն ետք, մեկնեցի Փեթերպուրգ, ուր դաշնակցականներու համար պատրաստուած էր արդէն լաւ պաշտպանութիւն: Պաշտպանիի դերին մէջ էր եւ յայտնի իրաւաբան Գրուզենբերգը, որու հետ անձամբ տեսնուեցայ եւ բացատրեցի, թէ կուսակցութեան գործունէութեան մէջ պէտք է բաժնել զուտ յեղափոխական աշխատանքը, որ ուղղուած է եղել տաճիկ բռնակալութեան դէմ այն բոլոր նոր երեւոյթներէն, որ առաջ են եկած կուսակցութեան մէջ՝ Հայ—թաթարական ընդհարումնրու ընթացքէն։

Պաշտպանութեան գլխաւոր խնդիրներէն մէկը այս երկու խնդիրներու իրարմէ զատելն էր։ Նոյնը պիտի բռնէին եւ վկաները: Ծանօթ լինելով Կովկասի առանձնայատուկ կեանքին, գիտնալով կուսակցութեան պատմութիւնը անոնք պիտի ջանային զատել իրարմէ կուսակցութեան գործունէութեան այդ երկու փուլերը։

Ինձ վրայ ալ նոյն խնդիրն էր դրուած:

Դատաւարութիւնը շատ երկար տեւեց։ Հարցաքննութեան մեծ թիւով վկաներ։ Երբ հերթը ինձ հասաւ, մտայ դատասրահ եւ տեսայ 160 հոգի մեղադրեալներու աթոռին վրայ. մեր աչքերը իրար հանդիպեցին եւ ես չեմ մոռնար այն տպաւորութիւնը, որ ունեցայ այն ժամանակ: Շատ շատերու հետ մենք միշտ հանդիպած ենք կեանքի այլ պայմաններու շէջ, շատերու հետ ռողովի ենք նստած ու շատերու հետ բարեկամ եղած:

Աչքիս առաջն է բժ. Համօ Օհանջանեանի դէմքը, երբ ան՝ առանց քաշուելու դատարանի առջեւ կը–