Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սէր, որ կը պատկանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Կը յիշեմ Համազասպը, Աւ. Սահակեանը, Թայիրեանը:

Ինձ հարց տուին, թէ ի՞նչ գիտեմ ես կուսակցութեան եւ նրա գործունէութեան մասին: Ես կը զգայի որ իմ տուած ցումունքներէն շատ բան կախում ունի, քանի որ դատարանի առռջեւ կանգնահ էր Կովկասի մայրաքաղաքի քաղաքագլուխը, որ թէեւ կընտրուէր էր ժողովուրղի ներկայացուցիչներէն, բայց կը հաստատուէր Փոխարքայէն: Դտաարանի աչքին ես պաշտօնական անձնաւորութիւն էի եւ իրենց համար միանգամայն վստահելի մարդ, հեռու յեղափոխական համակրանքներէ:

Ես խօսեցի մէկ ժամէն աւելի։ Իմ նպատակն էր պարզել, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմքը Թրքահայատանի ազատագրումն է, թէ՝ կուսակցութեան չայքարը սահմանափակուած է տաճկական գործերով եւ թէ՝ այդ պայքարը շարունակութիւնն է ռուս ընդհանուր քաղաքականութեան, զոր կառավարութիւնը գործադրեց բուլղարները, սերբերը եւ յոյները տաճկական լուծէն ազատելու ժամանակ: Ռուսաստանը Արեւելքի մէջ հանդէս կու գայ որպէս քրիստոնեաներու պաշտպան, իսկ Հայ յեղափոխականներու աշխատանքը ուղղուած է նոյն դատի պաշտպանութեան:

Երկրորդ Հարցը զինական պահեստներու եւ զինւորական կազմակերպութիւններու մասին էր։ Ես գտայ անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս հետեւանք Կովկասի քաղաքական մթնոլորտի։ Ըսի, թէ հայերը ինքնապաշտպանութենէն դրդուած, պէտք է որ գի—