Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան կալուածներու կառավարիչներ, պետական դրամատան վարիչներ եւ այլն»[1]:

Հայրը, Յովհաննէս, որ պետական բարձր պաշտօնեայ էր, ճանչցուած էր իր յառաջադէմ գաղափարներով։ Մայրը, Մարիամ, ստորագրած է երկու-երեք վէպ՝ Մարինեան ծածկանունով։ Կոստանդինը, որ Ալեքսանդրի երէց եղբայրն էր (միւս եղբայրներն են Գէորգ եւ Լեւոն), կը յատկանշուէր իր ինքնատպութեամբ եւ նախաձեռնութեան զօրաւոր ոգիով։ Կոստանդինը հիմնադիրներէն մէկն էր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան։ Քիչ ժամանակ ետք սակայն, կը քաշուի քաղաքական - յեղափոխական - հասարակական կեանքէն եւ կը ձեռնարկէ մշակութային գործունէութեան։ Բագուի մէջ իր ասպարէզը կր դարձնէ կուլտուրական - մշակութային - միութիւնը, որուն ամէնէն աշխատունակ տարրերէն մէկը կըլլայ։

Թիֆլիսի միջնակարգ վարժարանը աւարտելէ ետք, Ալեքսանդր Խատիսեան բժշկութեան ճիւղին կը հետեւի Մոսկուայի եւ Խարկովի համալսարաններուն մէջ։ Ուսանողութեան շրջանին, Խատիսեանի մօտ կը յայտնաբերուին խառնուածքի եւ նկարագիրի առանձնայատկութիւններ: Մոսկուայի հայ ուսանողութեան մէջ անմիջապէս կը դառնայ ուշագրաւ դէմք մը։ Իր մասնակցութիւնը

  1. Ալ. Խատիսեան, «Քաղաքապետի մը յիշատակները», «Հայրենիք» ամսագիր, Ժ. Տարի, թիւ 7115, Մայիս 1932, էջ 86: