Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/90

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէին այդ միջողներուն, թաթարական արշաւանքներու առաջքն առնելու համար։

Երրորդ հարցը ամենավտանգաւորն էր՝ ահաբեկումներու հացը: Այստեղ ես կտրականապէս յայտարարեցի, թէ սպաննուած պաշտօնեաները ծախւող, կաշառակեր եւ անպէտք մարդիկ են եղած, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը վարկաբէկէին իշխանութեան հեղինակութիւնը ժողովուրղի աչքին։

Ինձ հարցաքննեցին երկուքուկէս ժամ։ Հարցեր կու տային ե՛ւ պաշտպանները, ե՛ւ դատաւորները, ե՛ւ դատախազը, ե՛ւ մինեւ անգամ մեղադրեալները։ Անոնց միտքը այն էր, որ իմ պատասխաններու մէջ ես հաստատեմ, քո իրենց գործունէութիւնը սահմանափակուած է տաճիկներու դէմ պայքարով։

Դատավարութիւնը պարզեց քննիչ Լիժինի գեղծարար գործունէութիւնը: Պէտք է ըսել, որ չնայած տիրող յետադիմութեան եւ կառավարութեան ճնշումին՝ մեղմ դատաւճիռ արձակուեցաւ գրեթէ բոլորի նկատմամբ: Վկաներու եւ պաշտպանութեան ջանքերը եւս իրենց գործը կատարեցին։

Փեթերպուրգի մէջ, այցելեցի արդարութեան նախարար Շշեգլովիտովին, անոր ուշադրութեան յանձնելու համար վրացի փաստաբան Գվազաւայի գործը, որ բանտ էր նետուած իր մէկ յօդուածի համար, գրուած չեխական սոկոլներու մասին։ Նկարագրելով սոկոլներու կեանքը՝ Գվազաւան իր յօղւածը վերջացուցած էր հետեւեալ նախադասութեամբ. «Ե՞րբ պէտք է մեր սոկոլներն ալ երկինք բարձրանան»:

Իշխանութիւնը այս նախադասութեան մէջ նկա–