Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/91

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տած էր կոչ դէպի ապստամբութիւն եւ բանտարկած էր հեղինակը: Նախարարը բացատրեց, որ չեխերը կուզեն ազատագրուիլ աւստրիացիներու եւ գերմանացիներու լուծէն։ Սոկոլները (բազէները) անոնց երիտասարդ սերունդն է, տոգորուած այդ գաղափարով: Եթէ Գվազաւան կուզէ, որ իրենց բազէներն ալ երկինք սաւառնին, կը նշանակէ կուզէ, որ Վրաստանը ազատի Ռուսաստանէն:

Ես բացատրեցի, թէ հեղինակը երբեք ատիկա նկատի չէ ունեցած, թէ՝ ան հիմնուած է միայն մարմնամարզական կողմի վրայ։ Խնդրեցի նախարարէն, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ կրճատէ Գվազաւայի արգելափակման ժամանակաշրջանը: Ան խոստացաւ եւ իրօք որ Գվազաւան շուտով ազատեցաւ:

Այսպիսի փաստեր կարող եմ բերել հազարներ։

Պարզ էր մէկ բան, որ ժողովրդի գիտակցութեան եւ օրէնքի տրամադրութիւններու մէջ մեծ վիհ մը բացուած էր։ Այն, ինչ ժողովուրդը կը համարէր հերոսական, օրէնքի առաջ դատապարտելի էր։ Օրէնքին հակառակ գործելը սովորական երեւոյթ էր դարձած, իսկ օրէնք գործադրող պաշտօնեաները՝ ատելի մարդիկ:

Ահա թէ ուր պէտք է փնտռել ռուսական յեղափոխութեան պատճառներէն գլխաւորը։

Կը յիշեմ, թէ ինչպէս դատի կու տային խեղճ գիւղացիները եւ կը մեղադրէին օրէնքի ամենախիստ յօդուածներով, որպէս հակառակորդներ տիրող կարգերուն։ Երբ գիւղացիի մը մօտ կը գտնէին տասնեակ մը փամփուշտներ, կամ երբ գիւղացին կը հիւրընկա–