Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/92

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լէր կուսակցական մը, զանոնք կը մեղադրէին որպես կուսակցականներ, կուսակցութեան ամբողջ գործունէութիւնը բարդելով անոնց վրայ։

Այս բոլորով հանդերձ, դատավարութիւնը կը կատարուէր ռուսերէն լեզուով եւ յաճախ անգրագէտ թարգմանները աւելի կը զարգացնէին գործը: Ոչ միայն լեզուի բարդութիւններ առաջ կու գային, այլեւ կայլաբանէին գործի էութիւնն իսկ յաճախ, հերոսական գործ մը ոճրագործութեան կը վերածուէր եւ, ընդհակառակը, պարզ ոճրագործութիւնը կը նկատուէր որպէա հերոսական գործ:

Ահա դէպք մը եւս։

Ամբողջ տասնեւհինգ տարի անցընելով Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան մէջ, տասը տարի 1907-1917՝ քաղաքագլուխի պաշտօնէն վրայ, առիթ ունեցայ մօտէն դիտելու Կովկասի կեանքը՝ իր բազմապիսի արտայայտութիւններուն մէջ։

Շատ դէպքեր, մինչեւ այսօր ալ, տպաւորուած են իմ մէջ եւ ինձ կը թուի, թէ իմ ընթեցողներս պիտի հետաքրքրուին որոշ դեպքերով, որոնք կապուած են Կովկասի այն ժամանակուան տրամադրութիւններու եւ հոսանքներու հետ։

Դէպքը, որ պիտի պատմէմ տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի դատաստանական պալատի քաղաքական բաժնի մէջ: Պաշտօնիս բերումով կը մասնակցէի դատավարութեան՝ ազնուականութեան ներկայացուցչին,