Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/93

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Աւչալա գիւղի տանուտէրին եւ դատարանի չորս անդամներու հետ միասին:

Անցնենք դէպքին:

Թիֆլիսը Վրաստանի մայրաքաղաքն է եւ ամբողջ Կովկասի վարչական կեդրոնը, որ կը գտնուի Կուր գետի երկու ափերուն վրայ: Քաղաքի Հաւլաբար թաղին մէջ, ուր կը գտնուին պտուղներու եւ կանաչեղէնի համեստ վաճառականներ, փայտաշէն տնակ մը կար, բաղկացած երկու սենեակէ, պատշգամէ եւ ջրհորէ։ Այդ տնակէն յատակագիծը ներկայացուած էր քաղաքային վարչութեան եւ հաստատուած էր վերջինիս կողմէն: Յատակագծին տակ դրուած էին ճարտարապետին եւ քաղաքային վարչութեան շինարարական մասի գործավարին ստորագրութիւնները: Վերջինս՝ պրն. Չուբարով դարձաւ Ռուսիոյ Պետական Դուամայի անդամ Թիֆլիսի կողմէն, որպէս սոցիալ—դեմոկրատ:

Տնակին մէջ երեւութապէս կը բնակէին խաղաղ վաճառականներ։ Ամէն օր սայլակ մը կու զար, կը կանգնէր տան առաջ, բեռնաւորուած պտուղներով եւ կանաչեղէնով, կը դատարկէր իր բեռը եւ կը մեկնէր բեռնաւորուած արկղերով եւ պարկերով։

Օգոստոսի մէջ, երեկոյ մը, երբ խանութը փակւած էր արդէն եւ խանութպանները մեկնած, յանկարծ վրայ կը հասնին ոստիկաններ, ժանտարամներ եւ դատախազային պաշտօնեաներ. կը շրջապատեն տունը, կը խուզարկեն սենեակները, ներքնայարկը, բայց կասկածելի ոչինչ կը գտնեն։

Ոստիկաններէն մէկը կը փորձէ իջնել ջրհորը: Ինքզինք կը կապէ պարանով մը եւ վար կիջնէ ջրով