Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/94

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լիքը ջրհորը։ Երեք մեթր խորութեան մէջ, ան կը նկատէ անցք մը, որ կը տանի եղեր սենեակ մը, որուն կահաւորութիւնը տպաբանական մեքենայ մըն էր եւ քանի մը ռումբեր: Տպարանը եւ զէնքերը կը պատկանէին յեղափոխական կուսակցութեն մը:

Հետեւանքը եղաւ՝ բանտարկութիւններ եւ դատավարութիւն։

Դատաստանական պալատը լեփ—լեցուն էր հասարակութեամբ։ Դատապարտեալներու աթոռին վրայ նսատած էին 7 հոգի։ Դատարանը, պարզելէ ետք անոնց մեղսակցութիւնը, կը պատրաստուէր առանձնանալ՝ վճիռ հանելու համար։

Ծանր մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Մեղադրեալները չէին թաքցուած իրենց համոզումները։

Նախագահը ձեւակերպեց առաջին հարցը.

— Կը նկատէ՞ր արդէոք ապացուցուած այն հարցը, թէ մեղադրեալները յեղափոխական նկատումներով՝ կազմակերպած են գաղտնի տպարան մը եւ շինած են ռումբեր եւ թէ ելեկտրական մէկ հպումով կարող էին առաջ բերել պայթումներ։

Հարցումէն յետոյ տիրեց երկարատեւ լռութիւն: Բոլորս ալ գիտէինք, որ դատապարտեալները յանցաւոր են եւ որ անոնց գլխուն կախուած է տաժանակիր աշխատանքներու սպառնալիքը։

Ըստ օրէնքի, ամէնէն առաջ պիտի պատասխանէր ամէնէն փոքրը, այսինքն՝ Աւչալայի տանուտէրը։ Աւչալան գիւղ մըն է Թիֆլիսէն տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տանուտէրը, վրացի գիւղացի մը, ուղիղ նայեց նախագահի երեսին եւ վատ ռուսերէնով մը ըսաւ.