Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/96

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քանի որ իմ ներկայութեամբ էր տեղի ունեցած դէպքը:

Փոխարքան, յարգելով դատաւորի անկախութիւնը, մերժած էր պատմել տանուտէրը, սակայն Թիֆլիսի նահանգապետին յայտնած էր անոր քաղաքական անբարեյուսութեան մասին։ Նահանգապետը կանչած էր գաւառապետը, որ Հայ էր — պրն. Շանլեան — եւ առաջարկած էր անոր այնպիսի մի ելք գտնել, որ վաղտնապահութեան օրէնքը չխախտի: Գիաւառապետը կանչած էր տանուտէրը եւ բացատրած խնդրի էութիւնը՝ առաջարկելով անոր, որ տանուտէրը կամ կրկնէ իր ըսածները եւ կամ յայտարարէ, թէ ինք հարբած վիճակի մէջ է եղած եւ չի յիշեր անցած դարձածը։

Աւչալայի տանուտէրը պատասխանած էր, թէ իբրև դատաւոր ինք իր տեսակէտն է յայտնած, բայց եթէ իշխանութիւնը կը ցանկանայ, պատրաստ է յայտարարել, թէ դատավարութեան ատեն ինք հարբած վիճակ մը ունեցած է:

Տանուտաէրը հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, բայց ազատեցաւ վարչական եղանակով Սիբերիտ աքսորումէն։

Այսպէս վերջացաւ ահաբեկիչներու եւ Աւշալայի տանուտէրին գործը։

Նախագահը՝ դժգոհ իշխանութեան վերաբերումէն՝ անվերջ դիմումներ ըրաւ Փեթերպուրգ, բայց իշխանութիւնը գտաւ, որ գաւառապետի կարգադրութիւնը լաւագոյն ելքն է եղած՝ ստեղծուած կացութենէն: