Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/97

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ Դ.

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱԳՈԻՄԱՐԸ

ԵԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ

1905 Հոկտ. 17ին, թագաւորին Հրովարտակով Ռուսաստանին շնորհուեցաւ Սահմանադրութիւն: Ծնունդ առին ազատ հիմնարկութիւններ, որոնք ժողովուրդի կամքը պիտի արտայայտէին: Նախքան Պըտական Դումայի սայսինքն՝ ռուսական պարլամենտի հրաւիրումը, կազմուեցաւ Բուլիգինի յայտնի յանձնախումբը, որ պաշտօն ստանձնեց ծանօթանալ ժողովուրդի ցանկութիւններու հետ։

Բուլիգինը ներքին գորհոց նախարար էր։ Հայերն ալ պէտք է իրենց ցանկութիւնները յայտնէին։ 1906 թուին որոշուեցաւ հրաւիրել առաջին ընդհանուր ռուսահայկական համագումարը, որ կովկասահայ կեանքի մէջ նշանակալից երեւոյթ մըն էր:

Ամբողջ Ռուսաստանի, Կովկասի, Մոսկուայի, Փեթերպուրգի մէջ ապրող Հայերը հրաւիրուած էին իրենց պատգամաւորներով մասնակցիլ այդ համագումարին: Հոն պէտք է ձեւակերպէին հայ ժողովուրդի քաղաքական պահանջները: Կազմւեցաւ նախաձեռնող մարմին մը, որուն կանդամակցէի որպէս քաղաքագլուխ:

Կոմիտէի հենց առաջին նիստի մէջ երեւան եկան շարք մը լուրջ դժուարութիւններ։ Ի՞նչ հիմ–