Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/98

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նարկութիւններ պէտք է մասնակցին Համագումարին, քանի՞ հոգի իւրաքանչիւր հիմնարկութենէն եւ այքն։ Շնորհիւ իմ մասնակցութեան, համագումարի նիստերու համար յատկացուեցաւ Թէֆլիսի քաղաքային վարչութեան սրահը:

Մենք ի նկատի առինք գլխաւոր քաղաքները, նշանակեցինք անդամներու թիւը իւրաքանչիւր քաղաքէն, ցանկը կազմեցինք հիմնարկութիւններուն, որոնք կրնային մէկական պատգամաւոր ուղարկել: Ստացուեց 50 հոգինոց ցանկ մը։ Պատգամաւորները հաւաքուէցան Թիֆլիս։ Որպէս խմբագրական յանձնախումբ ընտրուեցինք ես եւ Միքայէլ Պապաջանեանը, Պետական Դումայի ապագայ անդամը։

Մենր շատ աշիաատեցանք պրն. Պապաջանեանի հետ, եւ ի վերջոյ, համագումարի որոշմամբ ներկայացրինք Հայ ժողովուրդի քաղաքական պահանջները։ Այսօր, 1932 թուին, երբ ունինք Հայաստանը, մեզ տարօրինակ կը թուի այն համեստ պահանջները, որ 1906ին, այսինքն ընդամէնը 25 տարի առաջ կը ներկայացնէինք, որպէս Հայ ժողովուրդի քաղաքական պահանջներ: Ընդամէնը 25 տարի, բայց որքան է առաջացել Հայ քաղաքական միտքը։

Ճիշդ է, համագումարը թերի էր իր ընտրական ձեւով։ Բայց կարեւորը այդ չէր. կարեւորը այն էր, որ Հայ քաղաքական միտքի բոլոր Հոսանքները ներկայացուած էին այնտեղ իրենց անդամներով: Կը յիշեմ մեր տաղանդաւոր բանաստեղծ Յովհաննէս Թամանեանը, որ ընտրութիւններու առթիւ գրահ էր եր-