Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/99

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գծաբանական բանաստեղծութիւն մը, ուր կային հետեւեալ խօսքերը.

«Եկան բանկից. վանքից եւ սեփական տանից»:

«Վանքից եւ սեփական տանից» խօսքերը կը վերաբերէին Խաժակին եւ Արշալոյս Մխիթարեանցին, որովհետեւ առաջինը՝ համագումարի բացման որը միայն՝ մեծ միթինկ մը գումարելով Թիֆլիսի վանքի բակին մէջ, ճառ մը խօսած էր այնտեղ եւ ընտրուած որպէս պատգամաւոր «հայ ժողովուրդի»։ Ինչ ըսել կուզէ, որ համագումարը ընդունեց իր պատգամաւոր լինելու հանգամանքը, որովհետեւ իր ետեւ կանգնած էր կուսակցութիւնը: Արշալոյս Մխիթարեանցը իր գիւղէն ներկայացուց հաստատագիր, որ ինք ընտրուած է եւ նոյնպէս ընդունուեցաւ համագումարէն որպէս պատգամաւոր: Անշուշտ, ի նկատի ունէին այն հանգամանքը, որ Մխիթարեանց «Մշակ» թերթի կարեւոր ներկայացուցիչներէն էր:

Այսպէս, յաճախ անտես կառնուէին ընդհանուր ընտրութիւններու օրէնքի տրամադրութիւնները։ Անօրէնութիւններ կը գործադրուէին մէկ նպատակի համար, այն է՝ որ հնարաւորութեան չափ, համագումարին մէջ լրիւ ներկայացուած ըլլան հայ քաղաքական միտքի բոլոր հոսանքները:

Այն ժամանակ, ճիշդ ընտրութիւններու խնդիրը շատ ալ զբաղեցներ միտքերը: Կար մէկ ուրիշ հիմնական երեւոյթ. այն, որ հասարակութեան լայն խաւերը ասպարէզ էին նետուէր Ռուսաստանի մէջ՝ առաջին անգամը քաղաքական պահանջներով: Ռուս կայսրութեան գայութեան ամբողջ ընթացքին մէջ