— 16 —
Թորոս աղան կը զիջանի հազար անգամ զղջալով զբօսարան մտած ըլլալուն վրայ։
Այս անգամ Թորոս աղա կը յաղթուի։ Յաղթանակը տանողին իբր մրցանակ օղի մը կը հրամցնէ և կը պատրաստուի երթալու։
— Էնֆիյէ մը չե՞ս քաշեր Թորռս աղա։
— Մեծաւ հաճութեամբ։
— Պոլիս պիտի իջնաք, այնպէս չէ՞։
— Այո՛։
— Եէտի Գուէ պիաի երթա՞ք։
— Ոչ, շուկայ պիտի երթամ։
— Պիտի աղաչէի ձեզի որ Եւրոպայէն եկած էնքիյէն ինծի կէս օխա առնէիք, քանի փարա է նէ՝ վերջը կուտամ։
— Աղէկ, բայց․․․
— Բայց գիտէ՞ք ուսկից պիտի առնէք։ Ղալաթա Մոմխանէ մէկը կայ, հոն գացէք, Ստեփաննոս աղային համար է ըսէք, իմ էնֆիյէյէս թող տայ, նայէ՛ որ չխաբուիս։
— Թորոս աղան քսակը փող մը անգամ չունի, ուրիշ ձեւով մը կ՚ուզէ հասկցնել այդ հրամանին անգորադրելիութիւնը ուստի։
— Ներեցէ՛ք, կ՚ըսէ, այսօր չեմ կարող այդ կողմերն անցնիլ։
— Ատամ, քառասուն տարին անգամ մը բան աղաչեցի, ան ալ չես կատարեր, դուն բնաւորուլիւնդ բոլորովին փոխած ես, պամպաշխա բան մը եղեր ես։