Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գրաւելու: Ուշացած խելամտութիւնը իր դրական վարձատրութիւնը պիտի ստանար։

Այժմ կ’ապրիմ ինքնաբաւ, գոհունակ.- ծաղիկներու հետ, գիրքերուս հետ, հասակ նետող թոռներուս գրկանքին մէջ։ Երեսուն տարուան լռութեան մը հոգեկան տառապանքը ապրելէ վերջ, գրականութեան վերադարձի փորձ մը կատարած եմ վերջին տասնամեակին։ Գիրքի մը ծնունդին երկունքը կը զգամ արդէն։

Ո՚վ գիտէ»։ Փետրուար 1982

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Հիմա, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ճանչցաք բանաստեղծը, կ’անցնինք իր բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքի քննարկումին, խոստանալով տալ պատմութիւնը Գլըճեանի երկրորդ «Գիրքի մը ծնունդին երկունքը զգալուն»...

«Երգեր Ուրացման եւ Զջումի» հատորը իր յայտնի եւ սիրտ բզքտող ընծայականէն ետք, որ կը հիմնաւորէ հայրենի հողին սրբութիւնն ու անյեղլի կարեւորութիւնը, կը բացուի «Յառաջաբանի Տեղ» գրուած քերթուածով մը որուն խորագիրն է «Վշտի Սափորէն»։

Ի՛նչ կ’ուզէիք որ երգեր անապատէն անցած ու ծնողք կորսնցուցած, հայրենիք կորսնցուցած տղայ մը: Վիշտն էր իր բաժինը եւ օտարութեան մէջ տաժանակիր կեանք մը որուն սափորը լեցուն է վիշտով:


14