Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ոչ ոք ծընաւ ձեոքին մուրհակ․․․ մուրհակ ոչ ոք կը

տանի․

Վարձ, աշխատանք, կեանքն՝ հաւասա՛ր - կ’ըլլաս

աղի՛ն մարդկայնի։


Բանաստեղծը Հայաստան իր առաջին այցելութենէն ետք նոր երգեր կը հիւսէ ձօնելով այդ քերթուածները Հայաստանի աղջիկներուն, որպէսզի անոնք մայրանան ու զարդարեն երկիրը, Հայաստանի գործաւորներուն, որոնց ճիգերով․-

Քեզմո՜վ կ՚ուոին հազարամեայ խոպան կուրծքերն

հոն բունծ առ բունծ


Գորշ արտերուն- եւ դուն կքըԱաս բերքին առատ

երգն հոգեցունց։


Քեզմո՜վ՝ տուն տուն կը բաշխուին որպէս օրհնէնք

ու ծիծաղ․


Քեզմո՜վ պիտի վաղուայ շէմքին Յաղթանակիբաշխեն

մատաղ։


Տակաւին բանաստեղծը երգեր կը նուիրէ Հայաստանի քերթողներուն ու խօսքը ուղղելով հայրենիքին, կ՚ըսէ․

Քու շողակաթ նոր երգերուդ վանկն հոգւոյս մէջ կը բռնկի։

Գլըճեան երգած Է նաեւ նոյեմբերը խոր հաւատրով։

Ու իր «Հայրենի Հրաւէր»ով Գլըճեանը այսպէս կ՚երգէ․


27