ամերիկահայ գրականութիոնը բանաստեղծ մը կը շահի։ Գործ մը՝ որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ մեր մեծանուն քննադատ՝ Յակոբ Օշականին ։
Տարիները կը սահին, սակայն, չենք հանդիպիր այլեւս ստորագրութեանը Ալեր Գլըճեանին, որուն առաջին խոստումէ մը շատ աւելին եղած էր։
Իմ հանդիպումս իր գիրքին հետ, եղաւ 1944 Թուականին, Մելգոնեան Կրթ․ Հաստատութեան մէջ։ Ալերսանդր Գլըճեանի <<Երգեր Ուրրացման եւ Զղջումի» գիրքը պատանեակի իմ հոգիիս մէջ խառոյկ մը վառեց։ Գիրքին ընծայականը մանաւանդ, ուր՝ հայրենազուրկ բանաստեղծը իր գործը կը ձօնէ տան շունին, որ մեռած է դունչը խրած հայրենի հողին․․․ կարդացէր ու ըսէր, ամբողջ գիրր մը չ՞արժէ՞ր այգ ձօնը։
Գրեթէ նոյն օրերուն կարդացի Անդրանիկ Անդըրէասեանի <<Ապիտակ Արդարութիւնը»։ Նոյն բոցը, արդարատենչ նո յն ոգին բանաստեղծ ու արձակագիր երկու հոգեղբայրներու մօտ։
Անմիջապէս ուսանողական խանդավառ նամակ մը գրեցի ուղղուած երկու գրողներուն, եւ լսած ըլլալուվ, որ Գլըճեանը դադրած է գրելէ, պահանջատէր խօսրեր ուղղեցի իրեն։
36