Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նոյն Գլըճեանն է, թէ՛ իր նիւթով, թէ՛ իր գրելու, ոճով, ըսելիքին ոճը գտած, ինքնաբուխ քնարերգութիւն կնքուած իր անունով․ բան մը որ մեր քերթողութեան մէջ կը պասկի շատերու, ինքնատպութիւն մը սակայն։ որ հեռու է ինքնացուցադրման խեղկատակսւթենէն, եւ որ սիրելի կը դարձնէ բանաստեղծը երբ նոյն նիւթը ուրիշի մը գրիչին տակ կրնար զգենուլ չորերը պոռոտ հրապարակագրութեան։

Այս հրատարակութեան առաջին բաժինը կը ներգրաւէ Գլըճեանի առջինեկին գրեթէ բոլոր քերթուածները յաւելումովը սակայն մամուլէն հաւաքուած նաեւ անտիպ գործերու։

Այսպիսով, մենք առաջին գիրքին վրայ ունեցանք քերթուածներու յաւելում, որոնց մէջ բանաստեղծը մնացած է ինքն իրեն հաւատարիմ։

Նոր քերթուածներու ԼաԸքԸ կը սկսի այս հրատարակութեան 70րդ էջէն «Ստինքէն Այրի» բանաստեղծութեամբ ուր կը կարդանք․

100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/42


- Լքած երբեմն՝ այստեղ շէն ու դաշտ
Պայքարի, հացի,
Կը բռնեմ ճամբան գիւղիս ուր անհաշտ
Սիրտս թաղեցի։

Կիսատ մանկութեան սէրերէս դեո վաո
Ինչ որ ինձ մնաց,
Սափոր մը չեցուն կը տանիմ՝ վճա՛ր
Պարտքերուս դիմաց։



կը շարունակէ առանց խօսքի։ կը հանդիպինք <<Դարերու Քանդակն>>ին) որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ծնունդը հայրենի հողին գրուած ինչ

42