Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հողի երկունքէն

    Կեանքը կը ծնի.
    Հողը քեզ ծնող
    Ինչո՞ւ լքեցիր,
    Ինչո՞ւ լքեցիր։
    Բանաստեղծը «մօրմէն խլուած մանկան պէս»

կարօտցած է հայրենիքը։ Ու կը յանձնարարէ.

    Գնա այրել ցուպը որ քեզ տարաւ
    Օտարութեան ու գաղթի
    Գնա փարի՛լ աշնան հերկ
    Շերտ մը խանձած քու հողիդ.
    Երբեմն տրտմութեան շղարշը կը պարուրէ

բանաստեղծին երգը.

    Կ՚ըսեն թէ կա՛նք, դուն եւ ես,
    Արարչութեան լոյսն առկայ.–


    Երբ ա՛լ մարինք մոմին պէս,
    Ջահն ո՞վ պիտի վառել գայ...։
    Իսկ «թանկագին գրչեղբօր մը` Յակոբ Ասատուրեանին»

նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք.

    Եթէ չկրցայ,
    Հօրըս արտին մէջ
    - Արմատներուս կայք–
    Փարիլ ընդերքի ժայռերուն ուժին,
    Ու պարզել դրօշն հողի՛ն, էութեա՛ն,-
    Գահի, փառքերու շքերթը այլուր
    Պատրանք է միայն.
    Դրա՛խտն ո՞ւր դնեմ,


                        44