Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ունեցաք նախատօնակը։ Այս գրութեան կը յաջորդէ «Երկու խօսք»ը ուղղուած Խորհրդային Հայաստանի յաջողութիւններուն։

Գլըճեան հաւատացեալ մըն Է հոս, որուն տեսակէտները եթէ նոյնիսկ չբաժնողներ կան, կու գան յարգել գրողին հաւատքը, որ կը ծնի հողին հանդէպ անոր ունեցած պաշտամունքէն․ տանք պատկեր մը․-

«Եւ սա քոսոտ, կաղլիկ Երեւանը, իր փողոցներու համբաւաւոր ցեխերուն մէջէն, կեանքի ու տարերքի դէմ անտեղիտալիօրէն պայքարող ժողովուրդի մը հիասքանչ մէկ հերոսամարտը կը ցուցադրէ։ Աշխատանքի, դժուարութեանց եւ մի՛շտ խոշոր դժուարութեանց երկիր է այստեղ։ Բայց անկասկած «վերելքի դժուարութիւններ, մեր միտքն ու ուժը համադրող բաղձալի դժուարութիւններ», ինչպէս կը ձեւաւորէր երիտասարդ ու կորովի Կոմիսար Եղիազարեանը»։

Բանաստեղծութեան զեփիւռին չնկչնոցը կայ Գլըճեանի արձակին մէջ։ Հաստատելու համար մեր այս ըսածը կը մէջբերենք հատուած մը «Դարձեա՛ լ ես ինծի» գրութենէն․

«Ըսաւ՝ գրէ՛։

Գրէ՛,

Երբ արշալոյսները կը խայտան պատուհանիդ փեղկին դէմ՝ գարնանային հեշտանքով, ու դուն կը տխրիս՝ արբունքի հասած տղու մը պէս, ամօթխած, չոռ ու միայնակ, յուսաբեկ։

Գրէ՜,

Երբ անրջասոյզ կոյր աչք մըն է գիրդ արդէն,– որ կը նայի, չի՛ տեսներ։ Երթ մութ կայծքար մըն է ան, որ


51