տառապանքի այս անօրինակ կանչը, որուն ծփանքին հուսկ շերտերը հոս, տեղ մը, կը հատնին ալ։ Մարդ մը կայ հոս, հէն ու լայնարմատ կաղնի մը՝ պտղատու դեռ, որ այսպէս կը ստորագրէ․- Վահան Թէքէեան։
Մանրիկ ու անպաճոյճ բառեր, շա՞տ ընտանի։ Ու առաջին դասարանին մկջ դիւրութեամբ խոնարհուած սիրական բայեր միայն,- ահա կոկիկ հանդերձանքը անոր կմախքին, ուժեղ ու դիմացկուն ներքնապէս, եւ ուր՝ քերթողը փայփայանքով կը զետեղէ իր ազնուական խորհուրդին ջերմութիւնը։
Ակամայ կը մտածես, Գլըճեան բանաստեղծը ինչո՞ւ չէ զբաղած գրական վերլուծումներով։ Չէ՞ որ մեր ընթերցողները շատ շահելիք կ՚ունենային իրմէ․ ինք որ տասնամեակներով ինքզինք լռութեան դատապարտեց, որպէսզի մենք եւս այդ լռութիւնը դատապարտենք։
Բայց կը խորհինք, բաւ է, ինք պատժուած է արդէն, սակայն մեզ եւս ղրկելով իր անոյշ խօսքկն։
Գլըճեան երբ կը խօսի Հրաչ Երեւանդի մասին, ինչպԷս ամԷն առիթով, բառերը չի ծամեր, այլ կը գրԷ․
«Բարձունքի մը կը նայինք, եւ աննասանեԼիաթեան շքեղ գագաթ մը կը պայծառանայ մեր աչքերուն առջեւ։ Հայ ազգային ոգեկան աշխարհը լուսաւորող իմացական ջահ մը ահաւասիկ, որ իր հեռարձակ, չայնահուն կայծակներով կը տաքցնէ մեր սիրտերը»։
Ու կը շարունակէ․ - Հա՜յ եմ ես, կա՛մ ու պիտի մնա՜մ։ «Այս է որ ուսած եմ իրմէ, ա՜յս է որ կը մնայ իրմէ թանկագին հրիտակ ինծի»։
54