Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այնտեղ՝ ագահօրէն կը հաւաքէ սրբակրօն մեծ Կանտիի հեզութեան, խոնարհամտութեան ու հոգեկան պայծառատեսութեան անթառամ ծաղիկները, ու կը վերադառնայ, այս անգամ՝ Չմշկածագ,- Բիւզանդիոնի գահը սպառազինող հայկական գօտին։

Հոս է որ կը վերցնէ ափ մը սեւ, յուռթի հող Անդըրէասեաններու այգիէն ու կը թափէ այս բոլորը սանդի մը մէջ։ Կը խառնէ, կը ջրէ զանոնք, կը շինէ շաղախ, խմոր, կը ձուլէ արձանիկ մը, կը յղկէ զայն ու տաք, գորովոտ շրթներով կը փչէ անոր քիթէն ու կը պատգամէ.

-Որդա՛կ իմ սիրեցեալ, արդ եղիցի անուն քո Անդրանիկ Անդրէասեան։

Որքան գորով, սէր ու յարգանք իր ընկերոջ նկատմամբ, որուն հետ Գլըճեան վարեց իր գիտակցական ամբողջ կեանքը եւ ոչ մէկ անգամ տարակարծիք եղաւ անոր հետ։ Անդրէասեան–Գլըճեան բարեկամութիւնը ամպ ու քէն չճանչցաւ երբեք։ Նախնաձելի, օրինակելի ընկերութիւն։

Եւ այսպէս բոլորին հետ, այսպէս բոլորին մասին։

Բ. մասին վերջին ենթաբաժինը վերանորոգուած է․

ԳԻՐՔԵՐՈԻ ՀԵՏ

Այստեղ, Գլըճեանը խօսած է «Նոր Գիր» եռամսեակի, Ալիսիա Կիրակոսեանի «Արմատ եւ էութիւն» Մկրտիչ Հաճեանի «Բոցեր», Մարօ Մարգարեանի «Լցուած Լռութիւնը» ու դարձեալ Ալիսիսայի «Մայրութիւն» բանաստեղծութեան մասին։

Այս էջերուն վրսւյ խօսողը գրական քննադատ


56