Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէեւ տեսքով ծաւալուն, բայց լղար գիրքը, որուն կողքին վրայէն մեէ կը նայէին երկու անուններ. առաջինը գիրքին անուանակոչումն էր՝ «Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի» ու երկրորդը՝ անունը հեղինակին:

Այդ օրերուն Մելգոնեանը եռուն փեթակ մըն

էր, երբ հաստատութեան հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասախօսը՝ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանն էր, երբ դպրոցին գրեթէ բոլոր աշակերտները հայ գրականութեան խանդավառ ընթերցողներն էին, երբ ամէն դասարան ունէր իր յատուկ գրական ձեռագիր ամսագիրը։

Ուսուցիչը կրցաե էր փոխանցել ընԹերցումի

ոգեւորիչ սէրը էր աշակերտներուն, երբ տղաք մրցումի հրաւէր կը կարդային իրարու, թէ իրենցմէ որո՞ք, մէկ շաբթուան ընթացքին, քանթ գիրք պիտի կարենային կարդալ:Կը բացուէին վէճաբանութիւններ, Թեր ու դէմ կարծիքներ նիզակ ու վահան կը դառնային մատղաշ մեր հոգիներուն մէջ:

Ահա այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ մենք կարդացինք

յիշեալ երկու գրքերը ու պատանիի մեր հոգին ունեցաւ ալեկոծում երբ Անդրէասեանը կը խօսէր հոն «Կոտրած Թեւերով Հրեշտակներ»ու մասին ու արդարութիւն կը հայցէր անոնց համար, երբ Ալեք Գլըճեանը էր սիրտին ալիքներէն բխած շառաչուն խօսքերով հեռադիրի մը անմիջական ազդեցութեան ներգործումը կը կատարէր մեր հոգիին վրայ:

Կրկին ու կրկին կարդալով այս 1938 Թուականին

Նիւ Եորքի մէջ լոյսին ընծայուած գիրքին ընծայականը, շշմած, մենք մեղի այլ բարձրաձայն կ՝ըսէինք– Գիրք մը, հատոր մը չէ՞ ր արժէր այս նախաբանը, որ