Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/61

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեր լոյս տեսաւ, ձեր մօտ, «Նոր Օր»ի մէջ։

Այստեղ, վերստին կը տրուի այդ դիրը, որպէսզի վերստին կարդաս եւ հարիւրամեակիդ սա օրերուն մեկնումի մասին չմտածես երբեք․․․ Ուրեմն, հարամմեցէք․

«ՊԱՏՈՒԵՆՔ ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՆՈՆՑ ՈՂՋՈՒԹԵԱՆ»

Թե՞րթը դողաց եռքերուս մեջ, թէ ձեռքերս դողացին երբ կարդացի Ալեք Գլըճեանի, «Մեկնումէն Առաջ» յօդուածը «Նոր Օր»ի այս տարուան Սեպտեմբեր 12ի թիւին մէջ։

Յօդուած մը չէր այդ, այլ՝ բանաստեղծութիւն։ Դատումի, խոհերու, ապրումի զուլալութիւն, հայերէն լեզուի արծաթէ կարկաչ, տօնահանդէս մէկ խօսքով, ծնած՝ դէպի իր 90ը գացող բանաստեղծին գրիչէն․ Օ՜, ո՛չ հոգիէն։

Ես, հեռաւոր իր ընթերցողը, տարօրէն յուզուեցայ, վերյիշեցի մեր հանդիպումները, երբ գրաւոր խօսքի ծաղկումին դիմաց իր մէջ գտայ իրաւ մարդը, իրաւ հայը, այլուրներէն մեր մոլորակը ինկած Տէօրթ—Եօլի նարնջաստաններուն մէջ հասակ առած այս բուրմունք տարածող հոգին, որ թուրքին եաթաղանէն ճողոպրելով հասաւ Ամերիկա, եւ ահա եօթանասուն տարիէ ի վեր (այս օրերուն 90 տարիէ ի վեր) իր ունեցած գրական շնորհքներուն միայն մէկ տոկոսը տալով կը զգլխէ մեզ, Մեսրոպեանին երկրպագել կու տայ մեզ, կը յուզէ մեզ։

Ալեք սիրելի, ինչո՞ւ կը մտածես մեկնումի մասին, երբ չես կրնար մեկնիլ (երբ չես կանչուիր)։ Քու


61