Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ու ահա շքեղ հատոր մը հեղինակին գրեթէ ամբողջական գործերը պարփակող, որուն յառաջաբանն ալ ստորագրած է յայտնի վիպագիր՝ Ստեփան Ալաճաճեանը։

Արժանի նուէր մը հեղինակին իր 98 ամեակին առիթով եւ նուէր մը մեզի՝ ընթերցողներուս։

Այս հատորը 32 բանաստեղծութիւններով եւ վկայութիւններու բաժինով մը ճոխացեալ կրկնութիւնն է մեր 1985ին հրատարակած գործին - Երգեր Հողի եւ Հատուցման։

Ճաշակով պատրաստուած այս գործին մէջ նորութիւն են նաեւ հեղինակին զանազան տարիներու լուսանկարները, ուր յայտնօրէն կ՚երեւի թէ յառաջող տարիները որքա՛ն կրնան այլափոխել մարդ արարածին դիմագիծը։

Մենք օգտագործած եղանք հատորին մէջ խնամքով ամփոփուած վկայութիւնները տասնեակ մը գրողներու:

Հատորը ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ գրուած անգլերէն լեզուով եւ շարք մը թարգմանութիւններ, որոնցմով կը հաստատուի Գլըճեան բանաստեղծին այլ մէկ կարողութիւնը։

Անշուշտ արդարօրէն տեղ տրուած է նաեւ Գլըճեանի արձակին, որուն շուրջ ունեցանք անդրադարձ ելլելով մեր հրատարակութենէն։ Որքան քնքշական է բանաստեղծը երբ իրեն մօտեցողը իր թոռնուհին է.

«Կեանքի վայրէջքը բռնած մեծ հօր մը մրափը կը տարածուէր շուրջս, երբ ծաղկաւէտ երազի մը քնքշութեամբ իջաւ ան վրաս։ Սափոր մը արշալոյս սրսկեցին վրաս, խորհեցայ։ Չէ՛, թոռնիկս էր։ Աղուոր աղջնակի մը տարազով պուրակ մը բուրմունք ու


66