Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԵՐԲ ՅՈԻՇԵՐԸ ԹԵԻ Կ՚ԱՌՆԵՆ

Նոր բաժին մը արդարեւ, ուրկէ Գլըճեանի արձակին նարինջի բոյրերը պիտի տարածուին։ Ահա մէկը այդ բուրումնաւէտ պտուղներու ծաղկանոցէն․․․ « Ծովեզրին»–

«Ի’նք, ծովն ու ես՝ երազի մը մէջ գիրկընդխառն, առանձին։ Միջօրէի մեղմօրօր ալիքներու պարը միայն կը յուշեն մեզի առանձնութեան քաղցրութիւնը։

Կը դիտեմ զինք ու կը զգամ գգուանքը՝ իր աչքերուն մէջ փթթող ժպիտին։ Քնքշաթխն համակ, մանկունակ հրապոյր մը կը ծորի իրմէ՝ առտուան զեփիւռներու փափկութիւնը սփռող։ Ամրան բարկ գիշերաայ մը նանանջն ըլար կարծես։ Ա’յնքան արբեցուցիչ։

Բան մը կը խռովէ զիս։ Ա’, աոնեյ զինք վարանոտ բազուկներուս մտերմութեան մէջ, ու շրթունք շրթունքի, պարպել իր մէջ՝ փրփրող գինիի կարաս մը, ուր սիրոյ անսպառ վիշտն ու երանութիւնը կը խմորուին սրտի թաբուն շողերով։

Այդպէս էր. ի՚նք, ծովն ու ես՝ երազի մը մէջ գիրկընդխառն, առանձին։ Ի՞նչպէս սանմանե տառապանքը սիրոյ մէջ, երբ այսքան երջանկութիւն կը պարգեւէ ան մեզի․․․։

Ի՚նք, ծովն ու ես։ Օրը կայտռելով անցաւ»։ Ու այդ կայտռանքը փոխանցելի է; Ծննդավայրի մագնիսական ուժը Գլըրճեանի հիւսւածիներուն մէջն է, անոր սիրտին, երակներուն, ջիղերուն եւ խոհերուն մէջ միշտ արթուն։ Ահա թէ ինչու, բանաստեղծը ոչ թէ յաճախ կը յիչէ իր գիւղը այլ երբեք չի մոռնար․ «Ծննդավայրիդ յուշերը կը հեռանան քեզմէ տակաւին չե'ն բաժնուիր։

70