Երգեց ան հայրենիքը, երգեց մարդը եւ անձնական անբասիր կեանքով տուաւ օրինակը ընկերասիրութեան, առանց երբեք ցաւցուցած ըլլալու ոչ իսկ մէկ հոգի։
Ցաւով լեցուն մարդ մը որ ցաւ չպատճառեց ոչ ոքի։
Իր գրականութի՞ւնը։ Անկասկած ինքնատիպ եւ ինքնադրոշմ, վկայարանը ջարդի սերունդին, սիրոյ մատեաններ նոյն ատեն, պիտի մնան որպէս մեր ամբողջական գրականութեան պայծառ էջերը ցուցադրող գիրքեր։
1900 թուականին հա՞յ մայր մը ծնաւ Ալեք Գլըճեանը թէ երկինքէն զամփիւղով մը վար իջաւ ան, իր շուրջբոլորը լուսաւորելու համար. քանզի մութ էր մեր աշխարհը։
Այո՛, իր ապրած կեանքով Գլըճեան մաս կը կազմէ մեր մոլորակին, իր գրականութեամբ մաս կը կազմէ մոլորակին, բայց այլուրներէն եկած մարդն է ան, որպէսզի մենք թերթելով իր դիւանները, իր կեանքին էջերը աւելի մարդանանք։
Ողջոյն հարիւրամեակիդ, բանաստեղծ։
Հարիւր տարին քեզի համար ի՛նչ է որ...
Հալէպ,
Յունուար-Հոկտեմբեր
1999
79