Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ողկոյզի կողովով մը նամակ յղեցինք Անդրանիկ Անդրէասեանին, ուր մեր Գլըճեանէն անպատասխան մնալու դժգոհութիւնն ալ յայտնած եղանք, արձակագիր ու խմբագիր Անդրէասեանը ոչ միայն սիրալիր պատասխան մը ուղղեց մեզի այլ յայտնելէ ետք, որ բանաստեղծը ստացած է մեր նամակը ու ըսած․- նամակը գրողը պատանի մըն է․ կը մեծնայ, ու կը հասկնայ Թէ կարելի է նաեւ չգրել, դադրիլ գրելէ․․․ ու միաժամանակ, Անդրէասեանը կը խնդրէր մեզմէ իր խմբագրած «Նոր Օր»ին համար ԹղԹակցութիւններ գրել Մելգոնեանի մէջ կատարուող գեղարուեստական շարժումներու մասին։

Այդ օրէն, Անդրէասեանի կնքահայրութեամբ, մենք դարձանք հայ մամուլի մէկ համեստ ծառան։

Եթէ դէմ չէք, եկէք այստեղ ձեզի ներկայացնենք, սիրելի ընթերցողներ, Ալեք Գլըճեանի ինքնակենսագրութիւնը, որպէսզի կանուխէն, մօտէն ճանչնաք այս բանաստեղծը ու ապա անցնինք իրմէ հրատարակուած երեք գիրքերու բովանդակութեան մատուցումի հաճելի աշխատանքին։

9