Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ն.Ս.Մ.Մ. ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄՇԿԹ. ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՋԵՐՄ ՈՂՋՈՑՆ ԵԻ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ՑԱՐԳԱՆՔ' ՑՈԲԵԼԵԱՐ ԲԺԻՇԿ ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻՆ

Աննախընթաց հրճուանքով եւ անկեղծ բերկրանքով վերրահասու եղանք Բժիշկ Դոկտ. Թորոս Թորանեանի յոբելենական հանդիսութեանց ծրագրին:

«Պատիւը' Արժանաւորին» կ՚ըսէ ժողովրդական առածը: Ար- դարեւ սիրելի Ցոբելեարը արժանի է մեր ժողովուրդի անվերապահ յարգանքին եւ գնահատանքին, վասնզի անոր գիտակցական ամբողջ կեանքր․շուրջ 55 տարի, եղաւ ողջակիզում մը' հայակերտումի փշոտ առապարի երկայնքին...:

Անմահն Սայեաթ Նովայի «Տաֆթա՜ր սիրէ, ղալա՜մ սիրէ, գի՜ր սիրէ...» ազգաշունչ պատգամը դարձաւ յարգելի Ցոբելեարին կեանքին նշանաբանը եւ իր գործունէութեան կարգախօսը:

Ու իմաստուն այդ նշանաբանով ներշնչուած' Տոքթ. Թորոս Թորանեան' բժիշկ րլլալէ աւելի դարձաւ վաւերական բանաստեղծ ու գրող' իր պատուաւոր տեղը գրաւելով Սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան մէջ:

Ան դարձաւ արդիւնաշատ ու բազմաբեղուն հրապարակագիր եւ որպէս այդպիսին' ան ողողեց սփիւռքահայ մամուլի էջերը իր հետաքրքրական եւ իմաստալից յօդուածներով, ուր իր նշդրակը դրաւ գաղթօճախներու հայութեան պալար դարձած վէրքերուն վրայ եւ որպէս ազգային-հասարակական անշահախնդիր եւ անկողմնակալ գործիչ' սպեղանի առաջադրեց մեր կոտտացող վէրքերուն համար...:

Անոր բոլոր գրութիւններուն. քրոնիկներուն եւ յօդուածներուն մէջ լուսաւոր գծի մը նման կը փայլատակէ իրաւ հայրենասիրութիւնր, որ ոչ թե պարագայական բնոյթ ունի, այլ լիցքաւորուած է հայրենի աշխարհի փայլուն իրականութեամբ' անկախ Երեւանի Կառավարական շէնքին վերեւ ծածանող դրօշակներու գոյներէն...,

Յարգելի Յոբելեարը. որպէս արդարակորով հրապարակագիր, ատենին ծառացաւ Հայց. Եկեղեցին պառակտող ոյժերուն դէմ եւ եղաւ «մէկ եկեղեցի, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ հայրենիք» իմաստուն լոզունգին շեփորահար ջատագովը, քաջ հաւատալով «Միութիւնր զօրութիւն է» սկզբունքին անփոխարինելի իմաստութեան:

Յոբելեար Դոկտ. Թորոս Թորանեան եւլաւ յաւերժական անխոնջ ճամբորդ մը: Անձանձիր' ան ման եկաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները, ծանօթացաւ հայկական մեծ ու փոքր բոլոր գաղութներուն եւ անոնց «լինելու թէ չլինելու» օրհասական գոյամարտին:

28