Հ․ Ե․ Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինը, իր իրականացուցաւ բարձրորակն մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներում յաջողութեան համար, մաղթելով Ձեզի արեւշատութիւն, ուժ եւ կորու կարենալ շարունակելու համար Ձեր ազգօգուտ ընկերային, երի տասարդական. մարզական ու մշակութային զործունէութիւնր, միա ժամանակ յայտնելով մեր ամբողջական նեցուկը եւ գործակցութեան ոգին:
Կը շնորհաւորենք վարչութիւնդ, որ որոշած էք յոբելենական հանդիսութեամբ մը նշել յարգարժան բժիշկ Թորոս Թորանեանի ծննդեան 75' եւ գրական գործունէութեան 55 ամեակը․
Իրօք, որ Բժ Թորանեանը իր ազգային հասարակական գործու նէութեան, գրական ստեղծագործութիւններու եւ յատկապէս հրապարակագրութիւններու ընդմէջէն, նաեւ տարբեր գաղութներ այցելելով. գնահատելի ներդրում ունեցաւ հայկական գաղութները ծանօթացնեու հայրենի մտաւորականութեան շրջանակներուն արժանանալով բոլրին գնահատանքին
Առ այդ Հալէպի Թ Մ Մ ր բարձր կը գնահատէ, Ձեզ. յոբելե նական այս ձեոնարկի կազմակերպման համար. մաղթելով ձեզի եւ յարգելի Յոբելեարին քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն
Հալէպ, 10 Փետրուար 2003
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻԻՆ |
Յարգարժան Գործադիր Մարմին Հ Բ Ը Մ ի Հ Ե Ընկերակցութեան
Յարգելի Տեարք. Ազգային Մշակութային Միութեան անունով կը շնորհաւորենք բժիշկ Դոկտոր Թորոս Թորանեանը իրծննդեան 75 եւ գրական ու ազգային հասարակական գործունէութեան 55 ամեակներուն առթիւ կայանալիք յոբելենական հանդիսութեան․
Դոկտոր Թորանեանին կը մաղթենք առողջութիւն. յաջողութիւն եւ կորով. շարունակելու համար իր ազգային հասարակական ու գրական գործունեութիւնր․
Այս առթիւ ընդունեցէք մեր լաւագույն մաղթանքներր եւ յարգանքներր․
Հաէպ, 8 Փետրուար 2003